2014-08-11 12:16:51

Քորէա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առթիւ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը քորէացիներուն։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
միքանի օրէն, Աստուծոյ օգնութեամբ, ձեր մէջ պիտի գտնուիմ։ Այժմէն շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան համար եւ ձեզմէ կը խնդրեմ հետս աղօթել, որպէսզի առաքելական այս ճամբորդութիւնս պտղաբեր ըլլայ, Եկեղեցւոյ եւ Քորէայի ընկերութեան։
''Կանգնի՜ր, ցոլացի՜ր''։Եսայեայ մարգարէի այս բառերով իմ խօսքս կ'ուղղեմ ձեզի։Տէրն է որ կը հրաւիրէ ձեզ ընդունելու իր լոյսը, զայն ընդունեցէք հաւատքով, յոյսով ու սիրով, Աւետարանի ուրախութեամբ։
Ինչպէս գիտէք, ձեզի կու գամ Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ օրուայ հաւաքին առթիւ։ Երիտասարդներուն կը բերեմ Տիրոջ կոչը.''Ասիայի երիտասարդութիւն, ոտքի կանգնի՛ր, մարտիրոսներու փառքը քու վրադ կը շողայ''։
Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսը կը փայլի նման հայելիի մը Փոլ Եու Եւ Չունկի եւ անոր 123 նահատակ ընկերներուն վկայութեան ընդմէջէն, բոլորն ալ հաւատքի նահատակներ, զոր յառաջիկայ 16 Օգոստոսին, Սէուլի մէջ, երանելի պիտի հռչակեմ։
Երիտասարդները ապագայի յոյսի եւ ուժականութեան բանբերներ են, եւ միաժամանակ անոնք զոհեր են ժամանակակից բարոյական ու հոգեւոր տագնապին։ Ասոր համար իրենց ու բոլորին կ'ուզեմ աւետել միակ անունը որով կարող ենք փրկուիլ` Յիսուս, Տէրը։

Սիրեցեալ քորէացի եղբայրներ ու քոյրեր, Քրիստոսի մէջ հաւատքը խոր արմատներ դրաւ ձեր երկրին մէջ եւ տուաւ առատ պտուղներ։ Տարեցները այս ժառանգութեան պահակներ են, առանց անոնց երիտասարդները յիշողութենէ զերծ են։ Հանդիպումը ծերերու ու երիտասարդներու միջեւ ժողովուրդի երթին գրաւականն է։ Ու Եկեղեցին այդ մեծ ընտանիքն է, ուր ամէնքս եղբայրներ ենք Քրիստոսի մէջ։ Յանուն Քրիստոսի ձեզի կու գամ ձեզի հետ բաժնեկցելու սիրոյ ու յոյսի Աւետարանը։
Տէրը թող ձեզ օրհնէ եւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ձեզ պահպանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.